Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղին ուղարկուելիք մարդասիրական օգնութեան երկու տասնեակէն աւելի մեքենաները 18 օր է կը գտնուին Կոռնիձորի սահմանային հատուածը: Այս ընթացքին տեղւոյն իրավիճակին ծանօթացած են Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչներ, ԱՄՆ Ծերակոյտի պատուիրակներ: «Լուրեր»-ուն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան:
Բացի պետական աջակցութենէ` Սիւնիք հասած է նաեւ Ֆրանսայի քաղաքներէն հաւաքուած եւս մէկ մեքենայ կենսական անհրաժեշտութեան ապրանք: