image

Կ՚ակնկալենք, որ այլ երկիրներ եւս միանան մարդասիրական առաքելութեան. ՀՀ դիւանագէտ

Կ՚ակնկալենք, որ այլ երկիրներ եւս միանան մարդասիրական  առաքելութեան. ՀՀ դիւանագէտ

Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղին ուղարկուելիք մարդասիրական օգնութեան երկու տասնեակէն աւելի մեքենաները 18 օր է կը գտնուին Կոռնիձորի սահմանային հատուածը: Այս ընթացքին տեղւոյն իրավիճակին ծանօթացած են Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչներ, ԱՄՆ Ծերակոյտի պատուիրակներ: «Լուրեր»-ուն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան:

Բացի պետական աջակցութենէ` Սիւնիք հասած է նաեւ Ֆրանսայի քաղաքներէն հաւաքուած եւս մէկ մեքենայ կենսական անհրաժեշտութեան ապրանք: