image

«Jardins d’Arménie» պրենտին մուտք գործեց Եւրոպա

«Jardins d’Arménie» պրենտին մուտք գործեց Եւրոպա

Առաջին համտեսողներէն եղաւ Մոնաքոյի իշխանը

«Jardins d’Arménie» պրենտին* 2025 Սեպտեմբեր 13-ին Մոնթէ—Գառլոյի շքեղ Hermitage պանդոկին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր երեկոյթով նշած է իր մուտքը համաշխարհային շուկայ։ 

Միջոցառման ներկայ եղած են Մոնաքոյի իշխան Ալպէր Բ.,– որ խմիչքը առաջին համտեսողներէն եղած է,– Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր։ Անոնք վայելած են հայկական երաժշտութիւնը, ազգային պարերը, ինչպէս նաեւ հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու աշխատանքներու ցուցադրութիւնը, որ կազմակերպուած էր Galerie Angelina-ի ու Հայաստանի նկարիչներու ﬕութեան աջակցութեամբ։ 

Երեկոյթի առանցքային «դէպք»-ը հանդիսացած է «Jardins d’Arménie»-ի համտեսը. ատով ան պաշտօնապէս կը յայտնուի Եւրոպայի եւ այնուհետեւ ալ աշխարհի շուկաներուն վրայ։ 

Այս ամէնուն գաղափարը յղացողն է Սիմոն Պօղոսեան, որու ընտանիքը աւելի քան 30 տարի է մասնագիտացած է բացառիկ լիւքս ապրանքներու արտադրութեան մէջ։ 

“«Jardins d’Arménie-ն ﬔր պատմութեան, արուեստին եւ ﬔր սեփական նորարարութեան արտացոլուﬓ է։ Ամէն ումպի մէջ պարփակուած են ﬔր հողի ուժը, ﬔր արհեստագործութեան բարձունքները եւ դարաւոր աւանդութիւնները։ Զայն ներկայացնել Մոնաքոյի մէջ, Ալպէր Բ.ի ներկայութեամբ, շատ հզօր խորհուրդ է՝ հայկական գերազանցութիւնը Եւրոպայի հետ կիսելու առումով”,– ըսած է Սիմոն Պօղոսեանի որդին՝ 27-ամեայ Արմէն Պօղոսեան, որ  Pogossian Luxury Brand House-ի սեփականատէրն է։

Այս բացառիկ խﬕչքը կը պատրաստեն լաւագոյն հայ վարպետները՝ Հայաստանի երեք տարբեր մարզերուն մէջ աճող ոսկեհատ խաղողէ։ Առանձնայատուկ է նաեւ «Jardins d’Arménie»-ի հնացման ձեւը։ Ան կը սկսի կաղնիի տակառներու մէջ, որոնք խﬕչքին կու տան տուրմի (chocolat) եւ վանիլի համային երանգներ։ Յաջորդ քայլը, որ յատուկ է ﬕայն այս պրենտիին, ծիրանի ծառէ պատրաստուած տակառներու մէջ հնացուﬓ է, որ խմիչքի հաﬕն կ՚աւելացնէ պտղային շերտեր եւ նուրբ ընդեղէնի երանգ։ Այնուհետեւ խմիչքը կը վերադառնայ կաղնիի տակառ՝ իր վերջնական համը ստանալու համար։

“«Jardins d’Arménie-ն խﬕչքէ մը շատ աւելին է. ան մշակութային ժառանգութիւն է եւ գիտելիք, որ փոխանցուած է սերունդէ—սերունդ։ Այս համտեսը առաջնորդելը ինծի համար ﬔծ պատիւ է”,– նշած է ծանօթ մառանապետ (sommelier) եւ Vins & Gastronomie հանդէսի հեղինակ Պրիւնօ Սքաւօ։

* Նշենք, որ պրենտին՝ աւանդաբար քոնեակ կոչուող խմիչքի տեսակներու ընդհանուր անուանումն է։ Մօտ անցեալին, Ֆրանսայի Քոնեակ շրջանի արտադրողները իրաւական ճամբով ձեռք ձգած ըլլալով «քոնեակ» անուանումի մենաշնորհը, այդ շրջանէն դուրս արտադրուող խմիչքի նմանները նոյն ձեւով անուանելը արգիլուած է։