image

Եւրոպական Միութեան դեսպանը հանդիպեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին

Եւրոպական Միութեան դեսպանը հանդիպեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին

Սուրիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին այցելութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարան առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը, սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու համայնքային կեանքի տարբեր երեսները։

Ստորեւ այդ մասին Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Սուրիոյ մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Միխայէլ Օհնմախթ այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանին։ Հանդիպումին քննարկուեցան Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը, սուրիահայութեան կեանքը եւ համայնքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2026-ին, Մակար Արք. Աշգարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճին մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միխայէլ Օհնմախթը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան։

Սրբազան Հայրը ներկայացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի պատմութիւնը եւ սուրիահայութեան ներդրումը Սուրիոյ զարգացման գործին մէջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համայնքին կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ առկայ մարտահրաւէրներուն։

Հանդիպումէն ետք դեսպանն ու պատուիրակութեան անդամները, Մակար Արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցի։