Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները առաջարկած է վերսկսիլ Ուքրանիոյ տարածքով դէպի Եւրոպա ռուսական կազի մատակարարումները: Այս մասին գրած է «Wall Street Journal»-ը:
Ըստ թերթին՝ համապատասխան գաղափար առաջ տարուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆին եւ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդին փեսայ Ճարետ Քուշներին Մոսկուա եւ Քիեւ կատարած այցերուն ժամանակ:
Առաջարկուած ծրագիրով կը նախատեսուի ռուսական կազը վաճառել ամերիկեան միջնորդի միջոցով, ինչ որ թոյլ կու տայ շրջանցելու եւրոպական պատժամիջոցները եւ շահաւէտ հնարաւորութիւններ ստեղծելու ամերիկացի ներդրողներուն համար: