Յայտարարութեան համաձայն, «Ահմատ ալ-Ճապեր» ռազմաօդային խարիսխը կարեւոր դեր կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու օդային հետախուզական եւ աջակցող գործողութիւններուն մէջ եւ կը հանդիսանայ ամերիկեան բանակին օդային աջակցութիւն ապահովող հիմնական կեդրոններէն մին։
Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու կորպուսը (ԻՅՊԿ) յայտարարած է, թէ Իրանի անօդաչու թռչող սարքերը հարուածներ հասցուցած են Քուէյթի «Ահմատ ալ-Ճապեր» ռազմաօդային բազային։
ԻՀՊԿ-ի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է IRNA լրատու գործակալութիւնը, նշուած է, թէ հարուածներու թիրախ դարձած են ռազմական խարիսխին մէջ գտնուող կործանիչ օդանաւերու կայանքները, արբանեակային կապի համակարգերը եւ սարքաւորումներու պահեստները։