image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփն ու Նաթանիահուն քննարկած են ընտրութիւններէն առաջ Իրանի դէմ նոր հարուածներու հնարաւորութիւնը․ Axios

Թրամփն ու Նաթանիահուն քննարկած են ընտրութիւններէն առաջ Իրանի դէմ նոր հարուածներու հնարաւորութիւնը․ Axios

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն անցեալ շաբաթ քննարկած են Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնը՝ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններէն առաջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Axios»ը՝ վկայակոչելով ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հարցին ծանօթ աղբիւրներու տեղեկութիւնները։

Ըստ հրապարակման՝ Նաթանիահուն մտահոգութիւն յայտնած է Իրանի միջուկային ծրագիրի վերականգնման առնչութեամբ եւ քննարկած է իրանական ռազմական ու միջուկային կառոյցներուն ուղղուած հնարաւոր համատեղ հարուածները։ Իսրայէլ յատկապէս մտահոգուած է, որ Իրանը կրնայ «Փիքաքս Մաունթ» կառոյցը օգտագործել ուրանի հարստացման համար։

«Axios»ի աղբիւրներուն համաձայն՝ Թրամփ սկզբնական շրջանին հակուած եղած է հարուածները վերսկսելու գաղափարին, սակայն հետագային աւելի զգուշաւոր դիրքորոշում որդեգրած է։ Ըստ հրապարակման՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթն ու Կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավարութիւնը կողմ են նոր հարուածներու, մինչդեռ Թրամփի խորհրդականներուն մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ առայժմ շարունակել տնտեսական պատժամիջոցներն ու ճնշման այլ միջոցները։

Նոր ռազմական գործողութիւնները կրնան ազդել երկու երկիրներուն մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն վրայ։ Իսրայէլ մտավախութիւն ունի, որ Իրանի պատասխան հարուածները կրնան պատճառ դառնալ Հոկտեմբեր 27-ին նախատեսուած ընտրութիւններու հետաձգման։ Միաժամանակ, Իրանի դէմ պատերազմը վերսկսիլը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ Թրամփի դիրքերուն վրայ՝ ամերիկացի ընտրողներուն կրկին յիշեցնելով հակամարտութեան եւ վառելանիւթի գիներու հաւանական բարձրացման մասին։

 

Սպիտակ տան ներկայացուցիչը հերքած է, թէ Թրամփն ու Նաթանիահուն քննարկած են պատերազմը վերսկսելու հարցը՝ պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, թէ միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ Իրանի ուղղութեամբ հարուածներ պիտի չհասցնէ։ Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի հետ պատերազմը աւարտելու շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, իսկ միջնորդները կը սպասեն Թեհրանի պատասխանին՝ Ուաշինկթընի վերջին առաջարկին վերաբերեալ։