Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Քուէյթի Արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ճարրահ Ճապեր Ալ-Ահմատ Ալ-Սապահի հետ:
Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զարգացումներուն՝ նախարար Միրզոյեանը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքացիական կառոյցներու հարուածներու, քաղաքացիական անձանց շարքերէն զոհերու առնչութեամբ:
Այս պարունակին մէջ ընդգծուած է ստեղծուած իրավիճակի շուտափոյթ՝ խաղաղ հանգուցալուծման ու այդ ուղղութեամբ ջանքերու կարեւորութիւնը: