image

Իրան նոր զէնքեր ցուցադրեց

Իրան նոր զէնքեր ցուցադրեց

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրաբաժինը տեղական արտադրութեան նորագոյն սպառազինում ներկայացուցած է: Խօսքը զինամթերքի վնասազերծման եւ ռումբերու յայտնաբերման սարքաւորումներու մասին է:

Զօրաբաժնի հրամանատար, զօրավար Հուսէյն Սալամի Թեհրանի մէջ ներկայ գտնուած է ցուցադրութեան բացման, ուր գաղտնազերծուած են նորագոյն սարքաւորումները:

Կը հաղորդուի, որ նորագոյն սպառազինման տեսակները նախագծուած եւ արտադրուած են Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրաբաժնի ճարտարապետական եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ: Իրանցի զօրավարը յայտնած է, որ բոլոր ստորաբաժանումները պիտի օգտագործեն տնական արտադրութեան նորագոյն սարքերը: