image

Ո՞վ է Ուքրանիոյ համար ամերիկեան զէնքեր գնող կողմը

Ո՞վ է Ուքրանիոյ համար ամերիկեան զէնքեր գնող կողմը

ՆԱԹՕ-ի եւրոպական վեց-եօթ երկիրներ կը գնեն Ուքրանիոյ համար նախատեսուած ամերիկեան զէնքի հիմնական մասը։ Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն՝ Հելսինկպորկի մէջ ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանելուն պէս։

«Զէնքն ու ռազմական սարքաւորումները, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերն ու անոնց հրթիռները, ներառեալ Patriot համակարգերը, PURL ծրագրով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն շարունակաբար կը մատակարարուին Ուքրանիա, եւ ատոնց համար կը վճարեն եւրոպական երկիրները»,- ըսած է Ռիւթէն։

«Ես կ՚ուզեմ հասնիլ այն բանին, որ ֆինանսական բեռը աւելի հաւասարաչափ բաշխուի։ Այժմ ՆԱԹՕ-ի միայն վեց-եօթ երկիր կը կրէ այս ծրագրի հիմնական բեռը։ Լաւ լուրն այն է, որ այս փուլին այդ առայժմ բաւարար է, որ Ուքրանիան շարունակէ հասանելիութիւն ունենալ ամերիկեան առանցքային սպառազինութիւններուն, սակայն, անշուշտ, արդարացի պիտի ըլլար, որ ՆԱԹՕ-ի միւս եւրոպական երկիրներն ալ մասնակցէին»,- աւելցուցած է ան։

Ռիւթէն նշած է, որ նախարարական հանդիպման գլխաւոր թեմաները, բացի Քիեւին զէնքի մատակարարումէն, պիտի ըլլան յուլիսին Անգարայի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի նախապատրաստումը, ներառեալ դաշինքի պաշտպանական ծախսերու աւելացման քննարկումը եւ «Ռուսիոյ զսպման» համար զէնքի արտադրութեան ընդլայնման ծրագիրները, զոր Ռիւթէն անուանած է «ՆԱԹՕ-ի համար երկարաժամկէտ սպառնալիք»։