Թեհրան առաջիկայ ժամերուն նոր սպառազինութեան կիրառմամբ աւելի ուժեղ յարձակումներ պիտի սկսի Իսրայէլի վրայ, 17 յունիսին յայտարարած է Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիյումարս Հեյտարին:
«Նոր եւ առաջադէմ զէնքերու կիրառմամբ զանգուածային անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներն արդէն սկսած են եւ առաջիկայ ժամերուն միայն պիտի ուժեղանան», - հաղորդած է Իրանի պետական հեռարձակող IRIB-ը։