image

«Համաս» պէտք է յանձնէ իր զէնքերը. Մահմուտ Ապպաս

«Համաս» պէտք է յանձնէ իր զէնքերը. Մահմուտ Ապպաս

«Համաս» շարժումը Կազայի հատուածին մէջ իշխանութիւն պիտի չըլլայ եւ պէտք է յանձնէ զէնքերը: Այս մասին յայտարարած է Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը:

««Համաս»-ը որեւէ դեր պիտի չունենայ Կազայի կառավարման գործին մէջ։ «Համաս»-ը եւ բոլոր զինուած կազմաւորումները պէտք է յանձնեն զէնքերը»,-ըսած է Ապպասը տեսակապի միջոցաւ՝ պաղեստինա-իսրայէլեան կարգաւորման նուիրուած խորհրդաժողովի երկրորդ փուլի ժամանակ, որ կայացած է ՄԱԿ Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս: