image

Իմ մտքերը Արցախի ժողովուրդին հետ են. Եւրոպացի պաշտօնատար

Իմ  մտքերը Արցախի ժողովուրդին հետ են. Եւրոպացի պաշտօնատար

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ վերահաստատեց Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը վերականգնելու իր կոչը եւ Երեւանին ու Պաքուին՝ «իրական երկխօսութեան» կոչ ուղղեց՝ միջանցքով ապահով անցումը երաշխաւորելու նպատակով: Լուրը կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով Եւրոպական խորհուրդի տարածած յայտարարութիւնը:

«Ես չափազանց մտահոգ եմ Արցախի մէջ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ լուրջ իրավիճակով, եւ իմ միտքերը հետն են այն մարդոց, որոնք կը կրեն այս իրավիճակին ծանրութիւնը», նշեց ան։

Կոչ ուղղելով բանալու միջանցքը՝ Փէյչինովիչ Պուրիչ ըսաւ հետեւեալը. «Ուշադրութիւն կը հրաւիրեմ եօթը ամիս առաջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ ընդունուած միջանկեալ միջոցներուն վրայ»։

Ան նաեւ երկխօսութեան կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին` Լաչինի միջանցքով ազատ եւ ապահով անցումը արագօրէն երաշխաւորելու նպատակով: «Այս երկխօսութիւնը պէտք է նաեւ առաջնորդէ լարուածութեան թուլացման եւ խաղաղութեան վերականգնման` նաեւ համապատասխան այն պարտաւորութիւններուն, զորս Հայաստան եւ Ատրպէյճան ստանձնած են առաւել քան 23 տարի առաջ, Եւրոպայի խորհուրդին անդամակցելու ատեն», եզրափակեց Փէյչինովիչ Պուրիչ: