«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ երէկ՝ 19 Սեպտեմբեր 2026-ին, Արցախեան պատերազմներուն զոհուածներու ծնողներու եւ հարազատներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է համազգային լուռ սգոյ երթ։
19 Սեպտեմբերը Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան օրն է։ 2023-ի 19 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սկսած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները յանգեցան հայ բնակչութեան զանգուածային բռնի տեղահանութեան եւ Արցախի հայաթափման։
Երթի մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհած են «Արցախի կանչը» յուշակոթողին։


