Արցախի մասին խօսիլը այսօր միայն անցած օրերուն, կորսուած տուներուն կամ պատմական յիշողութիւններուն անդրադառնալ չէ։ Արցախի անունը կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան, իրաւունքներու եւ ապագայի մասին մտածումներուն մէջ։ Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ Երեքշաբթի՝ 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին մէջ հնչեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի պատգամը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած «Արցախ՝ արդարութիւն, ազատութիւն, վերադառնալու իրաւունք» երկօրեայ ծրագրի փակման հանդիսութեան ընթացքին։
Ստորեւ այդ մասին Թեմին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած երկօրեայ «Արցախ՝ արդարութիւն, ազատութիւն, վերադառնալու իրաւունք» ծրագրի փակման հանդիսութեան ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին մէջ։
«Արցախ անցեալ չէ, Արցախ պատմութիւն չէ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ յիշեցուց, թէ օրեր առաջ, Հ.Ե.Դ.ի մարզիկներուն յայտնած էր՝ 92-րդ ողիմպիականներու բացման հանդիսութեան, թէ անոնք եկած էին նաեւ «աշխարհին ըսելու, թէ մենք Հայաստան ենք ու մենք Արցախ ենք, եւ աշխարհի մէջ ոյժ չկայ, որ այս միտքը կարենայ հանել մեր սրտերէն, մեր մտքերէն, մեր կեանքերէն»։
Յիշեցնելով «Կուկունեանի երգ»ի այն տողերը, երբ ալեկոծ ծովուն վրայ մակոյկը կը վտանգուի, բայց երգիչը կը մերժէ յուսահատիլ, Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այս աշխարհի ամենէն զօրեղ ուժանիւթը յոյսն է։ Յոյսը ամենամեծ ուժն է, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր»։
