image

Հրաչեայ Սարգսեանը նշանակուած է պաշտպանութեան փոխնախարար

Հրաչեայ Սարգսեանը նշանակուած է պաշտպանութեան փոխնախարար

Վարչապետի որոշմամբ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ:

Հրաչեայ Սարգսեանը 2018-ին հոկտեմբերին նշանակուած էր Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ։ 2021-ի դեկտեմբերին՝ քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելէ ետք, աւագանիի որոշմամբ Սարգսեանը ընտրուած էր Երեւանի քաղաքապետ։ 2023-ի մարտ 17-ին ան յայտարարած էր քաղաքապետի պաշտօնէն հեռանալու մասին։

2023-ի ապրիլ 4-ին Հրաչեայ Սարգսեանը նշանակուած էր վարչապետի խորհրդական եւ մինչ օրս այդ պաշտօնին էր։