Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Լիլիթ Մակունցը նշանակուած է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար։
Վարչապետի որոշումը հրապարակուած է e-gov.am կայքին մէջ։
Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը 2021 թուականի յուլիսէն կը զբաղցնէր Արայիկ Յարութիւնեանը, որ 2026 թուականի յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակով։
Լիլիթ Մակունցը 2018-2019 թուականներուն զբաղցուցած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնը, 2019-2021 թուականներուն եղած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար։ 2021-2025 թուականներուն Լիլիթ Մակունցը եղած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 2025 թուականի օգոստոսէն ան նշանակուած էր ՀՀ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական։