Օրեր առաջ գրած էինք Ազգային Բարերար Տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի կողակից՝ Տիկն. Անժէլի մահուան մասին։
Այդ մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է ՝ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Խոր վիշտով եւ մեծ կսկիծով տեղեկացանք մեր սիրելի բարերար Անժել Չէմպէրճեանի մահուան մասին։
Անժել Չէմպէրճեանի անունը «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ-ի կեանքին ու գործունէութեան մէջ իր լուսաւոր եւ անջնջելի հետքը թողած անուններէն է։ Տարիներ շարունակ ան իր սրտաբուխ նուիրումով, մարդասիրութեամբ եւ հայրենակցական ոգիով կանգնած եղած է մեր կազմակերպութեան կողքին՝ հաւատալով անոր առաքելութեան եւ զօրակցելով ազգանուէր գործունէութեան։
Անոր համար բարեգործութիւնը սոսկ նիւթական աջակցութիւն չէր, այլ՝ սէր էր մարդուն, համայնքին եւ հայուն հանդէպ։ Իր կատարած բարի գործերը պիտի շարունակեն ապրիլ այն մարդոց կեանքին մէջ, որոնց հասած է իր ձեռքը, եւ այն արժէքներուն մէջ, որոնց պահպանման ու փոխանցման ծառայած է իր նուիրումը։
Այս ծանր եւ անդառնալի կորուստի առիթով «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ-ն իր խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Չէմպէրճեան ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր սգակիցներուն։
Թող Աստուած հանգչեցնէ իր լուսեղէն հոգին եւ մխիթարութիւն ու զօրութիւն պարգեւէ իր ընտանիքին։
Անոր յիշատակը պիտի մնայ օրհնեալ, իսկ իր բարի գործերը՝ ապրեցնող։