image

Մելանիա Յարութիւնեանը նշանակուած է վարչապետի մամուլի քարտուղար

Մելանիա Յարութիւնեանը նշանակուած է վարչապետի մամուլի քարտուղար

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրած է Մելանիա Յարութիւնեանը իր մամուլի քարտուղարի պաշտօնին նշանակելու մասին որոշումը:

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով՝ Մելանիա Յարութիւնեանին նշանակել վարչապետի մամուլի քարտուղար»,-ըսուած է որոշման բնագրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ վարչապետի մամուլի քարտուղարի պաշտօնը մինչ այս զբաղցնող Նազելի Բաղդասարեանը, աշխատանքը պիտի շարունակէ Ազգային Ժողովէն ներս որպէս պատգամաւոր:

Մելանիա Յարութիւնեանը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երիտասարդական կառոյցի խորհուրդի քարտուղարը եղած է։