Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աֆեանը հանդիպած է Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան նորանշանակ միացեալ քարտուղար Ամիտ Թելանկի հետ:
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Նշուած է, որ հանդիպման, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ ռազմական կցորդ, գնդապետ Արկադի Տօնոյեանը, քննարկուած են երկու երկիրներու պաշտպանութեան համագործակցութեան, մասնաւորապէս՝ ռազմարդիւնաբերական եւ ռազմաուսումնական բնագաւառի, ինչպէս նաեւ առաջիկայ համապատասխան այցերու կազմակերպչական հարցեր:
Դեսպանութեան հաղորդմամբ՝ անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկկողմ շփումներու աշխուժ շարունակականութեան ապահովման, փոխգործակցութեան զարգացման եւ ռազմավարական բնոյթ կրող յարաբերութիւններու խորացման ուղղութիւններուն: