image

Հին Հալէպը վերականգնումի ճանապարհին

Հին  Հալէպը վերականգնումի ճանապարհին

Արագընթաց ձեւով կ'իրագործուի Հալէպի հին «Սուք Ալ Հալ»ի (Հէլի  շուկայ) վերանորոգման ծրագիրը, որ կ'ընդգրկէ 180 խանութ, մեծ սրահներ, մեծ առեւտուրի կեդրոն, սրճարաններ եւ ինքնաշաժներու կայանատեղիներ: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Սանա»    գործակալութիւնէն։

Աղբիւրը զրոյց ունեցած է ծրագրի ընդհանուր երկրաչափ՝ դոկտ. Մաատ Մատլաժիի հետ, որ կարեւորած է այս ծրագիրը ծառայողական ու զբօսաշրջական առումներով, յատկապէս որ ան կը կազմէ հին Հալէպի շարունակութիւնը: Ծրագիրը իր ամբողջականութեամբ կ'ապահովէ ժողովուրդի պէտքերն ու կարիքները: Ըստ դոկտ. Մատլաժիի, համագործակցութեամբ խանութներու սեփականատէրերուն հետ, պիտի վերանորոգուի խանութներու ճակատները այնպէս, որ պահապանուին Հին Հալէպի իւրայատուկ ճարտարապետական ոգին, նաեւ շրջանին համապատասխանող հնաոճ տեսքը: Իսկ ինչ կը վերաբերի շուկայի մէջ գտնուող քաղաքապետարանի պատկան տարածքներուն, պիտի յատկացուին եռայարկանի առեւտուրի կեդրոնի, նաեւ մեծ սրահներու, սրճարաններու եւ ինքնաշարժներու կայանատեղիներու:

Մատլաժին ընդգծած է, որ ծրագրի մինչեւ օրս իրագործուած աշխատանքներուն ծախսերը՝ ներառեալ առողջապահական, ելեկտրական, հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներն ու ճանապարհները կը կազմեն աւելի քան 2 միլիառ սուրիական թղթոսկի: Այս տարուայ համար նախատեսուած է ամբողջ տարածքի ցանկապատումն ու սրճարաններու կառուցումը, զորս պիտի իրագործէ «Իսքան» զինուորական հաստատութիւնը 2,5 միլիառ ս. թղթոսկիի արժողութեամբ պայմանգիրով մը:

Ըստ քաղաքապետարանի սերտողութիւններու բաժնի վարիչ երկրաչափ՝ Ժամալ Քարիմին, սրճարաններուն տրամադրուած կառոյցի հիմքի աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են, զուգահեռ խանութներու ճակատներու քարերու վերանորոգման իրագործման: