Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի (ՀՍՈԿ) եւ Փոցտամի Լեփսիուս կեդրոնի (ՓԼԿ) գործակցութեամբ, 7 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Վկայութեան եւ վերականգնումի ցանցեր. միսիոնարական շարժումը եւ Հայ Աւետարանական համայնքը» վերնագրեալ գիտաժողովը:
Միօրեայ գիտաժողովին բացումը կատարեց ՀՍՈԿի տնօրէն փրոֆ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ բարիգալուստի խօսքով ուրախութիւն յայտնեց որ Կեդրոնը վերսկսած է իր աշխուժ գործունէութեան: Ան մատնանշեց վերջերս Երեւանի մէջ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայաստանի Մանկավարժական Պետական եւ Հայկազեան համալսարաններու միատեղ կազմակերպած գիտաժողովը, որուն կու գայ յաջորդելու այս մէկը: Փրոֆ. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՓԼԿի տնօրէն դոկտ. Ռոյ Նոքին, իր ջանադրութեան եւ ճիգերուն համար՝ միասնաբար կազմակերպելու այս գիտաժողովը եւ յոյս յայտնեց որ գործակցութիւնը կը ծաղկի յառաջիկայ տարիներուն:
Ողջոյնի խօսքին մէջ դոկտ. Նոք, գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի կացութեան պատճառով յետաձգուած այս գիտաժողովին կայացման համար, ապա նաեւ զեկուցաբերներուն եւ լաւատեսութիւն յայտնեց այս գործակցութեան ապագային առնչութեամբ:
Գիտաժողովին «Միսիոնարներ եւ հանդիպումներ» վերնագրուած առաջին նիստը սկսաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի զեկուցումով՝ «Միսիոնարները հայոց մէջ. հանդիպումներ, հաստատութիւններ եւ ընտանեկան աւանդներ» վերնագրով, ուր ան արխիւային, ընտանեկան լուսանկարներով եւ փաստաթուղթերով դրուագներ ներկայացուց միսիոնարներու եւ հայ աւետարանական ընտանիքներու միջեւ յառաջացած հաստատութենական յարաբերութիւններու եւ գործակցութեանց մասին:
Դոկտ. Փիթըր Մաքարի՝ «Առաքելութեամբ ուղեկցում՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին» վերնագրեալ զեկոյցով, ըրաւ պատմականը Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին միսիոնարական շարժումի ուղեկից քայլերուն: Դոկտ. Մաքարի նշեց, որ միսիոնարական շարժումը այնուհետեւ եւս քայլ պահեց Միջին Արեւելքի մէջ այլ ցեղասպանութիւններու հետ, օգնութեան հասաւ զոհերուն, ու բերաւ օրինակները՝ Ղազայի ու Հարաւային Լիբանանի:
Փրոֆ. Տագէսեան ըրաւ վերլուծական բաղդատականը 1839ին Զմիւռնիա լոյս տեսնել սկսած Շտեմարան պիտանի գիտելեացի եւ 1843ին Վենետիկ լոյս տեսնել սկսած Բազմավէպի առաջին տարուան բովանդակութեանց, եզրակացնելով որ անոնք յատկանշականօրէն միակարծիք էին հայութեան յառաջդիմութեան խնդրով կրթութեան եւ դաստիարակութեան վճռական նշանակալիութեան:
«Փրկութեան առաքելութիւն եւ կարեկցութիւն՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին» վերնագրուած երկրորդ նիստին, «Եոհաննէս Լեփսիոս իբրեւ Ցեղասպանութեան պատմաբան» նիւթով զեկուցեց դոկտ. Նոք, որ կատարեց Լեփսիուսի հեղինակած առաջին երկու գիրքերուն կազմութեան եւ հրատարակման պատումը:
Միհրան Մինասեան՝ «Քարէն Եփփէի որբահաւաքի աշխատանքները Հալէպի մէջ» նիւթով, ներկայացուց որբահաւաքի ընդհանուր աշխատանքը Սուրիոյ զանազան վայրերուն մէջ, ապա կեդրոնացաւ Եփփէի այս ուղղութեամբ կատարած ճիգերուն եւ արձանագրած մեծ արդիւնքներուն:
Դոկտ. Հիլմար Քայզէրի «Կարեկցական առաքելութիւններ՝ ջարդերու օրերուն. Հալէպի կարեկցական կեդրոնի ցանցը եւ Տէր Զօրի ջարդերը» վերնագրով զեկոյցը մանրամասնեց ցանցին գործունէութիւնը եւ թէ ինչպէս ցանցը կը վերափոխուէր ամէն անգամ որ ջարդարարական նոր պայմաններ կը յառաջանային զոհերուն առջեւ:
Դոկտ. Հայկ Մարտիրոսեան՝ «Ռոհնէր ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. յանձնառութիւն՝ որբերու ազատումի, հոգածութեան, կրթութեան, եւ աւետարանականութեան» վերնագրեալ զեկոյցով, ներկայացուց 1899էն արեւմտահայ իրականութեան մէջ գործող եւ Ատանայի ջարդի ու Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Ռոհնէր ընտանիքի 3 գործունէութիւնը, որոնցմէ երկուքը իրենց կեանքը կորսնցուցին հայոց օգնութեան իրենց ծառայութեան ընթացքին:
«Միսիոնարական շարժումի սկզբնական հանգրուաններ» վերնագրուած երրորդ նիստին փրոֆ. Ճոն Արմաճանի ներկայացուց «Ամերիկեան ՊՈՐՏ (ABCFM) ընկերութեան առաջին քայլերը Սուրիա-Լիբանանի մէջ եւ յարաբերութիւնը հայերուն հետ՝ ԺԹ. դարուն եւ այնուհետեւ» նիւթը, ըրաւ պատմականը շարժումին Միջին Արեւելք մուտքին եւ ծաւալած գործունէութեան:
Վեր. Ուիլպըրթ Վոն Սաան եւ Շուշան Ենգիբարեան ներկայացուցին Ամերիկեան ՊՈՐՏ (ABCFM) ընկերութեան Վանի կայանը՝ 1870-1915 շրջանին, իսկ գիտաժողովի տասերորդ զեկուցաբեր Հայկ Էտիլեան ներկայացուց Շուշիի մէջ Պազէլեան միսիոնարութեան առաջին տարիներու գործունէութիւնը:
Գիտաժողովի վերջաւորութեան առիթ եղաւ ազատ ու մանրամասն արծարծումներու, տեսակէտերու եւ մօտեցումներու խորունկ քննարկումներու, որով եւ ձեւաւորուեցաւ գիտական աւելի քան մասնակի համապատկեր մը՝ միսիոնարական շարժումներուն դերին, հայկական եւ հայ աւետարանական առնչութիւններուն եւ բարեշրջումներուն մասին: Աւարտին, ներկաները եկան այն եզրակացութեան թէ այս առումով տակաւին կան բացեր, չլուսաբանուած դերակատարներ, հաստատութիւններ եւ հարցեր ու խօսուեցաւ անելիքներու մասին:
