 
                    Հանրայայտ «Hermès» ընկերութեան այրերու հագուստի ոլորտի պատասխանատու, հայազգի՝ Վերոնիք Նշանեան, 37 տարի պաշտօնավարելէ ետք, կը հեռանայ «Hermès»ի ընտանիքէն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հայազգի Վերոնիք Նշանեան շուրջ 37 տարի կ'աշխատէր հանրայայտ «Հերմես» այրերու հագուստի ոլորտին մէջ։ Իր ղեկավարութեան ներքեւ ապրանքանիշը դարձած է լուռ շքեղութեան եւ անթերի վարպետութեան խորհրդանիշ, իսկ Վերոնիքի հաւաքածոները ընդմիշտ փոխած են այրերու հագուստի «դիմագծութիւն»ը։
Տարիներ առաջ, այն ժամանակուայ գործադիր տնօրէն Ժան-Լուի Տիւմայի կողմէ անձամբ նշանակուած էր «Հերմես»ի այրերու հագուստի ոլորտի պատասխանատու։ Նշանեան նախ ստեղծեց «Հերմես»ի այրերու հագուստի ինքնութիւնը, կեդրոնանալով բացառիկ վարպետութեան վրայ։ Վերոնիքի հաւաքածոները ինքնատիպ էին լաւագոյն նիւթերու գործածութեամբ, անթերի նրբագեղութեամբ, ստեղծելով հագուստներ, որոնք տպաւորիչ են իրենց մանրակրկիտ վարպետութեամբ ու յարմարաւէտ՝ առօրեայ կեանքի մէջ զանոնք կրելու համար։
Հիմա, 37 տարի պաշտօնավարելէ ետք, Նշանեան կը հեռանայ «Հերմես»ի ընտանիքէն։ 71ամեայ Նշանեանի համաձայն, ինք դեռ կը սիրէ այս աշխատանքը, որ աւելի ու աւելի մեծ ժամանակ կը պահանջէ, հիմա այլեւս կ'ուզէ այդ ժամանակը տրամադրել այլ հետաքրքրութիւններու։ «Ժամանակը հասած է որ դրօշակը ուրիշներու յանձնեմ»։
Վերոնիքի ղեկավարութեան ներքեւ «Հերմես» այրերու հագուստը դարձած է համաշխարհային շքեղութեան ճարտարուեստի ամենաազդեցիկ ապրանքանիշերէն մին։ Նշանեանի վերջին հաւաքածոն պիտի ներկայացուի 2026-ի Յունուարին՝ Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուայ ընթացքին։