image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ ռոքի վարպետ Հայկօ Չեփքին պիտի հեռանայ բեմէն

Պոլսահայ ռոքի վարպետ Հայկօ Չեփքին պիտի հեռանայ բեմէն

Թուրքիոյ ռոք երաժշտութեան ինքնատիպ ու սիրուած դէմքերէն մէկն է պոլսահայ արուեստագէտ Հայկօ Չեփքին, որ անակնկալ որոշում մը հաղորդեց իր բազմաթիւ համակիրներուն։ Ան 11 Մարտ 2028ին՝ իր 50-ամեակին, վերջ պիտի տայ իր ներկայ համերգային ձեւաչափին, զոր կը շարունակէր երկար տարիներէ ի վեր։

Այս մասին կը տեղեկանանք «Նոր Մարմարա»էն։

Չեփքին, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած տեսանիւթով մը բացատրեց, որ այս որոշումը յանկարծակի չէ ծնած։ Վերջին հինգ-վեց տարիներուն ան յաճախ մտածած է, թէ արուեստագէտ մը ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պէտք է փակէ իր ասպարէզին որոշ հանգրուանը՝ դեռ իր ուժերուն, ժողովրդականութեան եւ հանդիսատեսի սիրոյ գագաթնակէտին գտնուած ժամանակ։

«Միշտ ինքզինքիս ըսած եմ՝ երանի՜ թէ կարենամ ճիշդ ժամանակին ճիշդ որոշումները տալ եւ ասպարէզիս վերջակէտ դնել ճիշդ տեղը, ճիշդ յարգանքով ու ճիշդ սիրով», ըսաւ Չեփքին՝ յայտնելով, որ 50ամեակը սահմանագիծ ընտրած է իր ներկայ համերգային նախագծին համար։

Այս որոշումը երաժշտութեան կամ արուեստի աշխարհին հրաժեշտ չի նշանակեր։ Չեփքին որ ծանօթ է իր բացառիկ բեմական ներկայութեամբ, բարձր ուժականութեամբ եւ տպաւորիչ ներկայացումներով, պարզապէս պիտի փակէ իր ներկայ համերգային շրջանը՝ ստեղծագործական նոր ձեւերու եւ այլ նախագիծերու անցնելու համար։

Մինչեւ 11 Մարտ 2028 ան պիտի շարունակէ համերգները եւ իր համակիրներուն խոստացած է յատուկ նշանակութիւն տալ այս վերջին շարքին։ Չեփքին կը փափաքի, որ յառաջիկայ համերգները դառնան թէ՛ իրեն, թէ՛ իր հանդիսատեսին համար յիշողութեան արժանի վերջին մեծ հանդիպումները՝ այն բեմական ձեւաչափով, որ տարիներու ընթացքին դարձած է իր ստորագրութիւնը։