image

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն կը մօտենան 1 միլիառ տոլարի ներդրումային շեմին. նախարար

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն կը մօտենան 1 միլիառ տոլարի ներդրումային շեմին. նախարար

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու կտրուկ աշխուժացման մասին:

«Եթէ գումարում ենք այս բոլորը իրար, մենք տեսնում ենք, որ նուազագոյնը 1 մլրդ դոլարի մասին ենք խօսում»,- «ՍիվիլՆեթ բիզնես»ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Գէորգ Պապոյեանը՝ աւելցնելով, որ նախապէս նման թիւերը Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական յարաբերութիւններու համատեքստում կը համարուէին «ուղղակի երազանքի դաշտէն»։

ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի՝ Երեւան կատարած այցի լոյսին տակ նախարարը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է սպասուող խոշոր նախաձեռնութիւններէն՝ մատնանշելով TRIPP («Թրամփի ուղի») ենթակառուցուածքային նախագիծը, Nvidia-ի հետ Հայաստանի մէջ տուեալներու մշակման կեդրոն կառուցելու 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ (այն հետագային աճած է մինչեւ 4 միլիառ տոլար) ծրագիրը, Որոտանի ջրաելեկտրակայաններու համակարգի արդիականացումն ու աթոմային ուժանիւթի ոլորտի մէջ սպասուող համագործակցութիւնը։ Անոր խօսքով՝ վերջինիս արդիականացման համար արդէն իսկ հայկական դրամատուներէն 120 միլիոն տոլարի վարկային փաթեթ հաստատուած է։

Ատոնցմէ առանցքայինը, ըստ նախարարի TRIPP երկաթուղային ծրագիրն է: Պապոյեանի հաղորդմամբ՝ Սիւնիքով Ատրպէյճանը Նաիջեւանին կապող 43 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղիի վերականգնման համար պիտի ծախսուի շուրջ 200 միլիոն տոլար։ Ֆինանսաւորումն ամբողջութեամբ պիտի կատարուի ամերիկեան կողմէն, մինչդեռ Հայաստանը, ըստ նախարարի, պիտի յատկացնէ անհրաժեշտ հողատարածքները։

Թէեւ որոշ մասանգէտներ այդ ծրագրի տնտեսական նպատակայարմարութիւնը կասկածի տակ կը դնեն ներդրուած գումարի վերադարձելիութեան տեսանկիւնէ, Պապոյեանը մատնանշած է, որ TRIPP-ի ակնկալուող օգուտները զուտ նիւթական չեն:

«Սա առաջին հերթին խաղաղութեան ամենախոշոր գործիքն է։ Այս ծրագիրը Հայաստանի անվտանգութիւնն աւելի շատ կ՚ապահովի, քան տասնապատիկ աւելի զէնքը»,- նշած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ ծրագրի իրագործման ուղղուած աշխուժ քայլերը տեսանելի պիտի դառնան արդէն առաջիկայ ամիսներուն։

Անոր խօսքով, երկաթուղիի տեխնիկական առաւելութիւնները եւս անժխտելի են, քանի որ այն պիտի անցնի Արաքսի հովիտով՝ հարթավայրային տարածքով, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ տեղափոխել անհամեմատ մեծ քանակութեամբ բեռեր՝ գերազանցելով տարածաշրջանային այլընտրանքային ուղիները։

Նախագիծի տնտեսական օգուտներու շարքին նախարարը նշած է Հայաստանի վարկանիշի սպասուող փոփոխութիւնը ամերիկեան արհեստագիտական հասանելիութեան դասակարգման մէջ։ Նախարարը տեղեկացուցած է, որ Երեւանը կատարած է ԱՄՆ առեւտուրի բաժանմունքի բոլոր պահանջները՝ «D» խումբէն «B» խումբ տեղափոխուելու համար, որ թոյլ պիտի տայ իրականացնել բարձր արհեստագիտական փոխանցումներ եւ էականօրէն հեշտացնել երկկողմ առեւտուրը։

Ըստ Պապոյեանի՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումը պիտի բերէ շղթայական դրական ազդեցութեան, ներառեալ զբօսաշրջութեան աճը եւ մարդկային դրամագլուխի աւելի արդիւնաւէտ ներգրաւումն աշխատաշուկային մէջ՝ հաշուի առնելով բանակին մէջ ծառայութեան ժամկէտի կրճատումը, որ նախադրեալ կը ստեղծէ առաջիկայ տարիներուն «տնտեսական աճի միջավայրի մէջ գործելու համար»: