Հայաստանի մէջ մեկնարկած են հայ-ռուսական միաւորուած ուժերու մարտավարական զօրավարժութիւնները, որուն կը մասնակցին 102-րդ ռուսական ռազմախարիսխի անձնակազմը եւ Հայաստանի Զինուած Ուժերուն յատուկ բանակային զօրաբաժնի զօրամիաւորումները․ ներգրաւուած են նաեւ ուժեղացուած ստորաբաժանումներ։
Հայ-ռուսական ուժերոպ միացեալ խումբի հրամանատար, զօրավար Տիգրան Փարվանեան ըսած է, որ նման զօրավարժութիւններ կատարել տարին քանի մը անգամ, եւ որ պիտի մշակուին քանի մը սենարներ՝ ներգրաւելու մեծ քանակութեամբ զրահասարքեր, մասնաւորապէս՝ զրահասայլեր, հետեւակի մարտական մեքենաներ, ինքնագնաց հրետանի։