Հայաստանի մէջ այս տարուան առաջին կիսամեակին ծնած է 14 հազար 609 մարդ՝ 1007–ով պակաս, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, մահացած է 13 հազար 12 մարդ, որ 58–ով աւելի քիչ է, քան 2024-ի նոյն ժամանակահատուածին գրանցուած մահերու թիւը:
Այս մասին կը փաստեն Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալները:
Բնակչութեան բնական յաւելաճը կը կազմէ 1597 մարդ:
Այս տարուան առաջին կիսամեակին նուազած է մեռելածիններու թիւը: Մահացած ծնածներու թիւը եղած է 197՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 229-ի դիմաց:
Հայաստանի մէջ յունուար-յունիս ամիսներուն գրանցուած է 6388 ամուսնութիւն, որ 15,3 տոկոսով աւելի քիչ է, քան 2024-ի նոյն ժամանակահատուածինը: Սակայն ամուսնալուծութիւններու թիւն աւելցած է, գրանցուած է 2352 ամուսնալուծութիւն՝ նախորդ տարուան յունուար-յունիսի 2220–ի դիմաց: