Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ նոր երթուղիներու կառուցման շուրջ աշխուժ քննարկումներ կ՚ընթանան, յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլին, կը հաղորդէ 1tv.ge-ն։
«Ներկայիս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ նոր երթուղիներու կառուցման շուրջ աշխուժ քննարկումներ կը շարունակուին, եւ մենք կրնանք բոլորովին յստակ ու հանգիստ կերպով ըսել, որ ասիկա լաւ է տարածաշրջանին համար։ Եթէ ատոնք զարգանան եւ մեր տարածաշրջանին մէջ նոր երթուղիներ աւելնան, մեր տարածաշրջանի արժէքը՝ կապուղիներու իմաստով, միայն պիտի աճի։ Սակայն պարզապէս աներեւակայելի է, որ որեւէ երթուղի կարենայ փոխարինել Վրաստանը՝ հաշուի առնալով, որ այս միջանցքը գոյութիւն ունեցած է, գործած ու աճած է այսքան տարիներ», ըսած է նախարարը։
Մաքա Պոչորիշվիլիի խօսքով՝ պահանջարկը տարիէ տարի կ՚աճի եւ ոչ թէ կը նուազի։ Նոյնիսկ եթէ երեք կամ չորս լրացուցիչ երթուղիներ աւելնան, անոնք հաւանաբար տակաւին անբաւարար պիտի ըլլան այսօր Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ շարժող ամբողջ բեռնաշրջանառութիւնը սպասարկելու համար։
«Ինչ կը վերաբերի որոշ կողմերու փորձերուն՝ շահարկելու Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւնները Վրաստանի պարունակին մէջ, ստեղծելու երկդիմի իրավիճակներ կամ ուղղորդուած հարցումներ հնչեցնելու, մենք այդ բոլորը յստակ կը տեսնենք, կ՚ողջունենք եւ չենք դիտարկեր որպէս մրցակցութիւն Վրաստանով անցնող երթուղիին համար», ըսած է նախարարը։