image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարները փոխգործակցութեան հարցեր քննարկած են

Հայաստանի եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարները փոխգործակցութեան հարցեր քննարկած են

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար, զօրագունդի զօրավար Ազիզ Նասիրզատէի հետ։ Այս մասին նախարարը յայտնած է իր ընկերային ցանցի էջերու միջոցաւ։

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յակոբեանը։

«Բարձր ենք գնահատել պաշտպանութեան բնագաւառում Հայաստան-Իրան համագործակցութեան մակարդակը, հաստատակամութիւն յայտնել շարունակել աշխատանքները երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ քննարկել ենք փոխգործակցութեանը վերաբերող մի շարք հարցեր:

Նաեւ մտքեր ենք փոխանակել տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեանն առնչուող մի շարք հարցերի վերաբերեալ»,-յայտնած է նախարարը:

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը պաշտօնական այցով Իրան ժամանած է 23 փետրուարին։