Օրերս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն ընդունած է Լիբանանի շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Խաթիպը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմած են համայնքի խորհուրդի անդամները:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Երեքշաբթի, 17 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Խաթիպը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին համայնքի խորհուրդի անդամները:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի միջհամայնքային գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները: