image

Հայաստան- Ատրպէյճան գործընթաց. Ըստ Ֆիտանին Թուրքիան զօրավիգ է կարգաւորման 


Հայաստան- Ատրպէյճան գործընթաց. Ըստ Ֆիտանին Թուրքիան զօրավիգ է կարգաւորման   


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ խաղաղ բանակցութիւնները, յայտնած է Anadolu։

«Մենք ամերիկեան կողմին ըսինք, որ Թուրքիան կ'աջակցի երկու երկիրներու միջեւ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրին եւ կ'ընէ հնարաւորը, որպէսզի փաստաթուղթը ստորագրուի։ ԱՄՆ նոյն դիրքորոշումն ունի։ Մենք համոզուած ենք, որ տարածաշրջանի մէջ կարգաւորումը կը բխի տարածաշրջանի շահերէն»,- ըսած է Ֆիտան։