image

Հայ ժողովուրդը այսօր հրաժեշտ տուաւ Քոմանտոսին՝ Արկադի Տէր-Թադեւոսեանին

Հայ ժողովուրդը այսօր հրաժեշտ տուաւ Քոմանտոսին՝ Արկադի Տէր-Թադեւոսեանին

Հայ ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ Արցախի հերոս, «Ոսկէ արծիւ» շքանշանի ասպետ, Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութեան հրամանատար, զօրավար-մայոր Արկադի Յովհաննէսի Տէր-Թադեւոսեանին՝ Քոմանտոսին:

Այսօր` 3 ապրիլին, Կոնտի Սբ. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղիէ պիտի ունենայ հոգեւոր արարողակարգ:

Արկադի Յովհաննէսի Տէր-Թադեւոսեանը, դեռ կենդանութեան օրօք յայտնած ցանկութեան համաձայն, պիտի յուղարկաւորուի Դաւիթաշէնի ընտանեկան գերեզմանոցին մէջ, այսօր` ժամը 13.00-ին:

Տէր-Թադեւոսեաններու ընտանիքի խնդրանքն է՝ ծաղկեսպասկներու համար նախատեսուած գումարը փոխանցել զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին։

Նշենք, որ Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի  հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները պատշաճ կազմակերպելու նպատակով ՀՀ վարչապետի որոշմամբ ստեղծուած է միջգերատեսչական յանձնաժողով:

81-ամեայ Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը մահացած է 31 մարտին: