Ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքին մէջ վարչական, միութենական, կրօնական, կրթական թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու ամբողջացման, յարատեւման եւ գոյութեան համար բարերարներու նեցուկ կը փնտռենք:
Ինքնակամ կամ թելադրուած բարերարներ կը փնտռենք: Շատ յաճախ ալ տարուած գործը, աշխատանքը կը գնահատենք անոր կենդանութեան կամ` յետ մահու:
Բարերարներ նաեւ անպայման միայն նիւթական մեծ ներդրում ընողները չեն, տարիներով ծառայողները, գործերը տեղ մը հասցնողներն ու ծրագիրները իրականացնողները, տեսիլք ունեցողները եւս բարերարներ են:
Այդպէս էին Գրիգոր Շահինեան` «Լեւոն Շանթ» կեդրոն մը ունենալու գաղափարով:
Այդպէս էր Լիւսի Թիւթիւնճեանը` ցուցասրահի գաղափարով:
Այդպէս էր նաեւ Երջօ Սամուէլեանը: Փաստօրէն, այսօր ան բացակայ է, սակայն անոր ներդրումով իրականացած «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին անունը ամէն օր կը լսուի` հաստատելով, որ եղածը պատիւ բերող նախաձեռնութիւն մըն է անկասկած: Հոն կը համախմբուին մեծաթիւ անձեր` տարբեր նախաձեռնութիւններու շուրջ եւ զանազան ուրախ ու տխուր առիթներով:
Այս իմաստով ալ, պէտք է գուրգուրանք մեր բարերարներուն, յիշենք զանոնք, յիշատակենք անոնց կատարած գործը, պահենք անոնց կտակը, գործենք անոնց տեսիլքը իրականացնելու նպատակով:
Դժբախտաբար վերածուած ենք նիւթականացած եւ մակերեսային երեւոյթներով զբաղած հանրութեան մը, սակայն պէտք է հաստատ գիտնանք, որ կան արժէքներ, որոնք յառաջիկայ սերունդներուն համար կարեւոր են: Մեզի համար եւս կարեւոր պէտք է ըլլան:
Յաճախ կը մտահոգուինք, որ բարերարները նուազած են մեր շուրջ: Պէտք է նաեւ հարց տանք մենք մեզի, որ մենք այդ բարերարները որքա՛ն արժեւորած ենք, յիշած ենք, յարգած ենք իրենց կենդանութեան կամ յետ մահու:
Ես կը հաւատամ, որ մեր գաղութը ունի բարերար, կան նաեւ անանուն բարերարներ, զորս պէտք է ճիշդ եւ արդար վերաբերումով համախմբենք տարբեր ծրագիրներու շուրջ:
Այս օրերուն բարերարները յստակ ծրագիրներու, տեսլականի եւ հեռանկարի կը հաւատան:
Ձեռք ձեռքի տուած` պէտք է կանգուն պահենք լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կառոյցներով:
Երջօ Սամուէլեան այս իմաստով անջնջելի դեր ունեցաւ մեր իրականութեան մէջ:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»