image

Խօսք հրաժեշտի. Գրեց՝ Տօքթ. Րաֆֆի Պէտիկեան

Խօսք հրաժեշտի. Գրեց՝ Տօքթ. Րաֆֆի Պէտիկեան

Գերմանահայ համայնքի նուիրուած եւ ազդեցիկ անդամներէն՝ Տօքթ. Րաֆֆի Պետիկեան կը գրէ՝

 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5 ին , մեզմէ վերջնականապէս հրաժեշտ տուաւ Գերմանիոյ Ռուհրի եւ Քէօլնի հայ համայնքի ծանօթ ազգայիններէն՝ Արթին Րեյիսեան։

Ծնած է 1 Մարտ 1940 ին, Պոլիս։

Պատանի տարիքէն նետուած է աշխատանքի ասպարէզ։

1965ին առած է իր կեանքի ամենաճիշդ, լաւագոյն որոշումը, ամուսնանալով հրաշալի կնոջ մը՝ Զարուհի Ջպուքճեանիհետ, կազմելով հայկական ընտանիք։Միասին ունեցած են երկու զաւակներ՝ Արլեթ եւ Կարօ,5 թոռնիկներ եւ 4 ծոռեր։

1970 թուականին հաստատուած է Գերմանիայ։

Գործունեայ ձեւով մասնակցած է Գերմանահայ ազգային- հասարակական կեանքին։

1991-1999 թուականներուն վարած է Տուիսպուրկի մշակութային միութեան/ Հայ համայնքի ատենապետի պաշտօնը։Իր նախագահութեան օրոք տեղի ունեցաւ համայնքի պաշտօնական գրանցումը պետութեան մօտ։

Ազգասէր, հայրենասէր եւ եկեղեցասէր անձնաւորութիւն էր։

Հայ առաքելական եկեղեցիին ծառայած է որպէս ուրարակիր, դպիր։

Մեր ցաւակցութիւնները իր ընտանեկան հարազատներուն եւ ընկերներուն։