Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, ընդունած է ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի ներկայացուցիչները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի ներկայացուցիչները այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։
Գործադիր Մարմինի անդամները անդրադարձան Միութեան յառաջիկայ գործունէութիւններուն։ Գործադիր Մարմինի ատենապետ տիար Արտեմ Չիրիշեան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու «Կոմիտաս»-ի անուան սենեկային նուագախումբի հիմնադրութեան 20-ամեակին նուիրուած ելոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ խմբավարութեամբ՝ բժշկ. Սարգիս Իսկէնեանի, մասնակցութեամբ՝ Հայաստանէն ժամանած հալէպահայ Արամ Խաչատուրեանի, 10 եւ 12 Հոկտեմբեր 2025-ին, «Գ.Յ. Նազարեան» սրահէն ներս։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց ընկերակցութեան անդամներուն մշակութանուէր գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ ծրագիրներուն։