image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսան Լաչինի խնդրով դարձեալ կոչ ըրաւ

Ֆրանսան Լաչինի խնդրով դարձեալ կոչ  ըրաւ

Ֆրանսան կոչ կ'ընէ վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ ապրանքներու, մարդոց եւ բեռերու ազատ տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ բնակչութեան կազի եւ ելեկտրական ուժանիւթի անխափան մատակարարումը։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը անցած տարուան դեկտեմբերէն փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, որու հետեւանքով Արցախի մէջ մարդասիրական ծանր դրութիւն է, որ օրէ օր աւելի կը վատթարանայ: Ապրիլ 23-ին Ատրպէյճանը Լաչինի միջանցքի սկզբնամասին ապօրինաբար տեղադրած է անցակէտ: Ներկայիս դէպի Արցախ մարդասիրական բեռերու տեղափոխում հնարաւոր չէ իրականացնել: