Եւրոպական անվտանգութեան առնչուող բոլոր քայլերը պէտք է ծրագրուին Թուրքիոյ հետ համատեղ. այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ ընդգծելով, որ այդ կը բխի ընդհանուր շահերէն: Այս մասին գրած է Anadolu-ն:
«Թուրքիոյ հետ միասին եւրոպական անվտանգութեան առնչուող բոլոր քայլերու ծրագրումը կը բխի մեր ընդհանուր շահերէն»,- ըսած է Էրտողան ԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած «Համախոհ առաջնորդներու հանդիպման» մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձին մէջ։
Անոր խօսքով՝ «Թուրքիոյ դուրս մնալը ԵՄ պաշտպանական եւ վերակառուցման ծրագիրներէն անհիմն է եւ անընդունելի»։
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ըսած է Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու անհրաժեշտութեան մասին՝ ընդգծելով Անգարայի ռազմավարական դերը եւրոպական անվտանգութեան եւ տնտեսական հարցերուն մէջ։