image

Ռուսիան չի պատրաստուիր Եւրոպայի դէմ որեւէ ռազմական գործողութեան. Փութին

Ռուսիան չի պատրաստուիր Եւրոպայի դէմ որեւէ ռազմական գործողութեան. Փութին

 

Վլատիմիր Փութին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու հնարաւոր վերսկսման։

«Մենք ըսած էինք, որ Պետական Տումայի ընտրութիւններէն ետք պատրաստ պիտի ըլլանք վերսկսելու շփումները։ Սակայն ընտրութիւններու օրերուն ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը թիրախաւորեցին Ռուսիոյ տարածքը։ Մինչ այդ հարուածներ կը հասցնէին մեր նաւթավերամշակման գործարաններուն, փորձեցին շրջափակել Սեւ ծովը։ Ինչո՞ւ համար թիրախաւորուեցան «Wildberries»-ի եւ «Ozon»-ի պահեստները»,– ըսած է Ռուսիոյ նախագահը՝ աւելցնելով, որ ռուսական ուժերը չէին կրնար չպատասխանել, իսկ այժմ Քիեւը կը խօսի հրադադարի մասին, յատկապէս՝ ուժանիւթի ոլորտին մէջ։

«Սակայն անոնք պէտք է զգան ռուսական պատասխան հարուածներուն հետեւանքները եւ հասկնան, որ որեւէ սրում պիտի չբերէ իրենց ցանկալի արդիւնքը։ Այսպէս կոչուած հաշտեցման ուղղուած գործողութիւններն ու բանակցութիւնները վերսկսելու առաջարկը սեղանին վրայ են։ Սակայն մենք տակաւին պէտք է մտածենք։ Բոլոր որոշումները պիտի կայացուին՝ հաշուի առնելով Ռուսիոյ շահերը»,– նշած է Քրեմլինի ղեկավարը։

Փութին մեկնաբանած է նաեւ Եւրոպայէն հնչող այն յայտարարութիւնները, թէ Ռուսիա վտանգ կը ներկայացնէ եւրոպական ցամաքամասին համար։ Ան նման գնահատականները սադրանք որակած է։

«Կ՚ուզեմ եւս մէկ անգամ ընդգծել՝ մենք Եւրոպայի դէմ որեւէ ռազմական գործողութիւն չենք պատրաստուիր իրականացնել՝ անկախ անկէ, թէ ով ինչ կ՚ըսէ, այդ շարքին՝ Պալթեան երկիրներուն մէջ։ Այո՛, հոն ռուսախօս մարդոց իրաւունքները կը խախտուին, սակայն մենք կը հակազդենք մարդասիրական մակարդակով՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան»,– ըսած է ան։