image

Եւրոպայի քայլերը մեզի հետ համատեղ.Էրտողան

Եւրոպայի  քայլերը մեզի հետ համատեղ.Էրտողան

Եւրոպական անվտանգութեան առնչուող բոլոր քայլերը պէտք է ծրագրուին Թուրքիոյ հետ համատեղ. այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ ընդգծելով, որ այդ  կը բխի ընդհանուր շահերէն: Այս մասին գրած է  Anadolu-ն:

«Թուրքիոյ հետ միասին եւրոպական անվտանգութեան առնչուող բոլոր քայլերու ծրագրումը կը բխի մեր ընդհանուր շահերէն»,- ըսած է Էրտողան ԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած «Համախոհ առաջնորդներու հանդիպման» մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձին մէջ։

Անոր խօսքով՝ «Թուրքիոյ դուրս մնալը ԵՄ պաշտպանական եւ վերակառուցման ծրագիրներէն անհիմն է եւ անընդունելի»։

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ըսած է Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու անհրաժեշտութեան մասին՝ ընդգծելով Անգարայի ռազմավարական դերը եւրոպական անվտանգութեան եւ տնտեսական հարցերուն մէջ։