ԵՄ դեսպան Անտրէա Վիքթորինը Ամանորին ընդառաջ ուղերձ յղած է.
«Տօնական օրերը կը մօտենան եւ շուտով անցեալին մէջ պիտի թողենք մարտահրաւէրներով լի եւս մէկ տարի։
Քովիտ համավարակը կը շարունակէր հետեւանքներ թողել առողջութեան, տնտեսական ապահովութեան եւ ընկերային բարեկեցութեան վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն ստացած վէրքերը եւ փխրուն անվտանգութեան զգացողութիւնը դեռեւս առկայ են։ Մենք կը գիտակցինք, որ դժուարութիւնները դեռ չեն աւարտած։
Խօսելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ամբողջ անձնակազմի անունով՝ կրնամ հաւաստիացնել, որ մենք կ'ընենք հնարաւոր ամէն ինչ՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին այս դժուար իրավիճակին մէջ աջակցելու ուղղութեամբ։ ԵՄ-ն կը շարունակէ աշխատիլ՝ մեղմացնելու համավարակին եւ պատերազմին հետեւանքները եւ օգնելու բարելաւելու հայաստանցիներուն կեանքը, ստեղծելու աշխատատեղիներ եւ խթանելու տնտեսական աճ։
ԵՄ-ն արագ արձագանգեց Հայաստանի եւ անոր քաղաքացիներու հրատապ կարիքներուն Քովիտ-19 համավարակի ժամանակ։
Մօտ 100 միլիոն արժողութեամբ «Թիմ Եւրոպա» փաթեթը տրամադրուեցաւ ոչ միայն կառավարութեան՝ պիւտճէտային աջակցութեան ձեւաչափով, այլեւ աւելի քան 3000 անապահով տնային տնտեսութիւններուն նպատակային ընկերային օգնութեան միջոցով։ Մենք դիւրին դարձուցինք առցանց կրթութիւնը 350 երեխայի համար եւ աջակցութիւն տրամադրեցինք աւելի քան 1000 փոքր ու միջին առեւտուրի՝ օգնելով անոնց մշակելու նոր թուային մօտեցումներ»։