Ես կ'աջակցիմ Արցախի 120.000 բնակիչներուն եւ անոնց պաշտպանող հայկական սփիւռքին։
Այս մասին թուիթըրի իր էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆը։
«Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը պէտք է դադրեցուի։ Միացեալ Նահանգները ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ըսած է՝ «Այլեւս երբեք»: Մենք պէտք է ընենք աւելին, քան պարզապէս խոստում տալը: Մենք պէտք է գործենք»,-գրած է ան։