Հայաստանն իր անվտանգութիւնը պէտք է փնտռէ ոչ թէ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, այլ հարեւաններու հետ համագործակցելով, ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
«Արեւմտեան որոշ տէրութիւններ դեռ չեն գիտակցիր, որ ղարաբաղեան պատերազմով մեր տարածաշրջանին մէջ նոր դարաշրջան սկսած է։ Հայ ժողովուրդը եւ անոր ղեկավարները պէտք է ապահովութիւն փնտռեն ոչ թէ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, այլ խաղաղութեան եւ հարեւաններու հետ համագործակցութեան մէջ։ Անոնք, որոնք վարձավճար ստացած են Հայաստանը հրահրելով, իրականութեան մէջ ամենամեծ վնասը կը պատճառեն հայերուն»,- կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը։