Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի անդրադարձած է ԹՐԻՓՓ նախագիծին վերաբերեալ Իրանի մէջ առկայ մտահոգութիւններուն՝ շեշտելով, որ կը վստահին իրենց հայ բարեկամներուն եւ գիտեն, որ Հայաստանը Իրանի անվտանգութեան դէմ որեւէ քայլ պիտի չառնէ։
Արաքչի այս մասին խօսած է Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Իրանը կը շարունակէ՞ մտահոգութիւններ ունենալ ԹՐԻՓՓ նախագիծին եւ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան վերաբերեալ։
«Մենք մտահոգութիւններ ունինք տարածաշրջանին եւ մեր շուրջը Միացեալ Նահանգներու որեւէ ներկայութեան վերաբերեալ։ Սակայն այս հարցով անմիջական կապի մէջ ենք մեր հայ բարեկամներուն հետ։ Մենք կը վստահինք անոնց եւ գիտենք, որ անոնք Իրանի անվտանգութեան դէմ ոչինչ կ՚ընեն։
Մենք կը շարունակենք խորհրդակցութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ։ Իմ լաւ բարեկամս՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Թեհրան կը գտնուէր, եւ մենք լաւ խորհրդակցութիւններ ունեցանք։ Իսկ այսօր մեր նախագահը պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետին հետ՝ թերեւս երկու շաբաթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով։ Այսպիսով՝ մենք սերտ կապի մէջ ենք»,– ըսած է Արաքչի։