Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ցանկութիւն յայտնած է, որ տեղի ունեցած դժբախտ իրադարձութիւնները անդառնալի վնաս չհասցնեն Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն։ Այս մասին ան լրագրողներուն ըսած է բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղէն վերադառնալէն յետոյ, ուր մասնակցած է Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, հաղորդած է Anadolu։
«Թուրքիան խոր դիւանագիտական եւ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Ռուսիոյ հետ։ Մենք ուշադիր կը հետեւինք լարուածութեան եւ կոչ կ'ընենք զսպուածութեան։
Մեր ամենամեծ ցանկութիւնն այն է, որ տեղի ունեցած դժբախտ իրադարձութիւնները անդառնալի վնաս չպատճառեն Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն», - ըսած է Էրտողան։