image

Էրտողան շնորհաւորած է Ալիեւը «Յաղթանակի օրուան» առթիւ

Էրտողան շնորհաւորած է Ալիեւը «Յաղթանակի օրուան» առթիւ

 

«Մեր համակարգուած աշխատանքին շնորհիւ Հարաւային Կովկասը այլեւս չի դիտուիր իբրեւ հակամարտութիւններու եւ անկայունութեան տարածաշրջան»։ Այս մասին նշուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ՝ «Յաղթանակի օրուան» առիթով։ Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը։

Էրտողան պատերազմի արդիւնքները որակած է որպէս «ատրպէյճանական պատմական հողերու ազատագրում»՝ յայտարարելով, որ Ատրպէյճանի յաղթանակը հպարտութեան աղբիւր է ամբողջ թրքական աշխարհին համար։

«Մեր համակարգուած աշխատանքին շնորհիւ Հարաւային Կովկասը այլեւս չի դիտուիր իբրեւ հակամարտութիւններու եւ անկայունութեան տարածաշրջան, այլ կը նկատուի համագործակցութեան եւ զարգացման տարածաշրջան», նշուած է Թուրքիոյ նախագահին ուղերձին մէջ։

Էրտողան վերահաստատած է նաեւ Անգարայի եւ Պաքուի սերտ համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը՝ ընդգծելով «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքը։

Շնորհաւորանքը կը հնչէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին ի յայտ եկած տարակարծութիւններու պայմաններուն մէջ։

Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւն յառաջացած է, մասնաւորաբար, ատրպէյճանական դպրոցներուն մէջ «հիճապ» կրելու սահմանափակումներուն եւ Պաքուի՝ Իսրայէլի հետ սերտ յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ալիեւ անցեալ շաբաթ, հակառակ Էրտողանի անձնական հրաւէրին, չէր մասնակցած Անգարայի մէջ կայացած Թրքական պետութիւններու գագաթնաժողովին։

Աւելի առաջ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած էր, թէ Նոյեմբեր 8-ին կը նախատեսէ այցելել Ատրպէյճան՝ մասնակցելու «Յաղթանակի օրուան» ձեռնարկներուն։