Երեւանի մէջ այսօր տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը, նշելով նաեւ , որ յարգանքի տուրք- արարողութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ ՀԵՄ-ի կողմէ։
Յետ կրօնական արարողութեան հակիրճ խօսքով մը հանդէս եկաւ քահանայ հայրը, որ բոլորին աղերսեց հայ ժողովուրդի բոլոր նուիրեալներուն նահատակներու եւ յատկապէս Լիզպոնի հերոսներուն՝ Վաչէի, Արայի, Սագոյի, Սիմոնի Սեդրակի հոգիին։
Յիշեցնենք նաեւ, որ կրօնական արարողութիւնէն ետք նոյնպէս պիտի կատարուի միջոցառում, որու ընթացքին ալ խօսքերով հանդէս պիտի գան տարբեր պայմաններու տակ Լիզպոնեան հերոսներուն մօտէն ճանչցած գործիչներ։
Լիզպոնի ուղին ու նաեւ լիզպոնեան նահատակներուն թողած աւանդը , ինչպէս երէկ այսօր եւ վաղն ալ կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը, իսկ իրենք Լիզպոնի հինգը կը մնան փարոս մեր նորահաս սերունդներուն համար, հայրենիքի երկինքին տակ, թէ ամբողջ սփիւռքի տարածքին։