image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ. Աւազով բեռցուած «Կամազը» կողաշրջուած է ճանապարհին եւ մեծ խցանումներ ստեղծած

Երեւանի մէջ. Աւազով բեռցուած «Կամազը» կողաշրջուած է  ճանապարհին եւ մեծ խցանումներ ստեղծած

Այսօր խոշոր մեքենայի վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, յայտնած է Shamshyan.com-ը:

Ժամը 09։10-ի սահմաններուն «Կամազ» մակնիշի մեքենան Հերացի փողոցէն դէպի Խանճեան փողոցի թունել տանող ճանապարհահատուածուն բախած է պեթոնէ հատուածին եւ կողաշրջուած։

Վթարի հետեւանքով 1 հոգի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց։

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ վիրաւորը վարորդը եղած է, իսկ պարեկային ծառայութիւնը ունի նաեւ տեղեկութիւններ, որ հնարաւոր է՝ մէկ այլ մեքենայի հետ նոյնպէս բախում եղած ըլլայ, ինչը կը պարզուի։