Անմոռանալիութեան Զգացումներով
Հարազատութիւնը այնպիսի զօրաւոր ու դրոշմելի զգացում մըն է, որ անկրկնելի եւ անփոխարինելի պահեր կը ստեղծէ, վառ յիշատակներով եւ անգին յուշերով, խօսուն պատկերներով ու կենդանի անցուդարձերով, հաճելի տեսարաններով եւ յատկանշելի դէպքերով։
Հարազատութիւնը այդ կ’ենթադրէ, այդ կը պահանջէ, բոլոր մակարդակներու վրայ, ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ, առանց խտրականութեան ու բացառութեան։
Անշուշտ, այս երեւոյթները, տրամադրութիւնները կամ խոկումները մարդկային կեանքին մէջ, բնական ընթացքներ են, մանաւանդ երբ սիրելիներ, անմիջական պարագաներ կամ արիւնակիցներ, այս կամ այն պատճառներով, ակամայ կը հեռանան, կը մեկնին կամ հրաժեշտ կու տան երկրային աշխարհին։
Իսկ ո՞վքեր չեն անցած նման տխուր ու ցաւալի պայմաններէ, երբ կորսնցուցած են, իրենց համար սիրելի մը, հարազատ մը կամ ազգակից մը, յատկապէս՝ կանխահասօրէն կամ վաղահասօրէն, խոր վիշտի մատնուելով ու մատնելով բազմաթիւներ։
֍֍֍
Իմ հարազատ կրտսեր եղբօրս՝ Տոքթ. ԵՍԱՅԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂՊԱՇԵԱՆի բաժանումը, իր ընտանիքէն, հարազատներէն եւ ընդհանրապէս հայ եւ արաբ շրջանակներէն, ծանր եւ անողոք հարուած մը եղաւ բոլորին համար, որովհետեւ անոր «բացակայութիւն»ը, անդարմանելի խոց մըն էր ու սրտաճմլիկ վէրք մը բացաւ, շատերու սրտերուն մէջ, իր ընտանիքի անդամներու ու իմ ընտանիքիս մօտ, այնքան որ անոր շիջումը «կայծակնային» էր, բազմապիսի առումներով։
Հայրս՝ Յովհաննէս եւ մայրս՝ Մարի Աղպաշեանները, յատուկ գուրգուրանքով ու հոգատարութեամբ վերաբերուած էին մեր հետ, ոչ միայն ընտանեկան-ծնողական տաք շունչով դաստիարակելով մեզ, այլեւ՝ մեր մէջ սնուցանելով մարդկային, ազգային, հայրենական եւ ընկերային բուխ ու նուիրուած նկարագրային ու բնաւորական գիծեր, որպէս ապագայի խոստմնալի տարրեր, դպրոցական, համալսարանական եւ ասպարէզային դաշտերէն ներս, առաւել՝ ի ծառայութիւն ազգին ու հայրենիքին, հայ ժողովուրդին ու հայկական շրջանակներուն, միշտ հօր ու մօր ջերմ ու գգուալի հովանաւորութեամբ։
Յետ շրջանաւարտութիւնը դպրոցական տարիներուն, յաջողութեամբ ու շնորհալիութեամբ (Հայ Աւետարանական Գոլէճէն), իմ նախասիրութիւնս եղաւ հետեւիլ ու մասնագիտանալ, Երեւանի Պետական Համալսարանի հայագիտական բաժնին մէջ, իսկ՝ եղբայրս՝ Չեխոսլաւաքիոյ Օլոմուց քաղաքի բժշկական ճիւղէն, յիշատակութեամբ ըլլալով շրջանաւարտ, ապա, իր մասնագիտութեան մէջ հմտանալու համար, հայրենիք մեկնեցաւ եւ հոն աւելիով կատարելագործուեցաւ։
Եղբօրս կոչումը. բնական է, բժշկագիտութիւնն էր, որուն համար ալ, Հազմիէի հոգեբուժարանին մէջ, պաշտօնի կոչուեցաւ (որուն նախագահն էր՝ Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան), ապա, «Թրատ» հիւանդանոցէն ներս, մնայուն հանգամանքով ծառայեց հոն, երբ բժիշկներու տագնապ կար (քաղաքացիական պատերազմի պատճառով), իսկ այնուհետեւ, իր սեփական դարմանատան մէջ (Պուրճ Համուտ), ընդունեց հիւանդներ, նաեւ իր սեփական տան մէջ (քանի բնակարանը Արեւմտեան շրջան էր, եւ բազմաթիւ տեղաբնիկներ կ’այցելէին իրեն), հուսկ՝ պետական հիւանդանոցներուն մէջ (Տահրըլ Պաշիք եւ Քարանթինա), եղաւ փնտռուած եւ անուանի բժիշկ, հայ թէ արաբ, առողջութեան կարօտեալ հիւանդներուն, իր արժանի ու խնամատար ծառայութիւնները մատուցանելով։
Աւելի ուշ, Տոքթ. Եսային, Ազգային Բուժարանին ծառայեց, նաեւ՝ Զարիֆի արաբական դարմանատան մէջ, համարեա ամենօրեայ ներկայութեամբ։
Մեզի եւ իր ծանօթներուն համար, Տոքթ. Եսայիի մասնագիտութիւնները, ծառայութիւնները, նուիրուածութիւնները եւ, ընդհանրապէս առռղջապահական հետեւումներն ու բուժումները, պատիւ ու հպարտնութիւն առթող տուեալներն էին, մանաւանդ որ՝ ան, մարդկայնական էր, ազնիւ, հոգատար, բծախնդիր, խղճամիտ, համբերատար եւ յարգողատէր, իրեն դիմողներուն հանդէպ, նաեւ փնտռուած, բոլոր իր հիւանդներուն կողմէ։
Պատահական չէր, որ՝ ան ո՛ւր որ գործեց, պաշտօնավարեց, հայկական թէ պետական հիւանդանոցներուն մէջ, միշտ ալ արժանի դարձաւ յատուկ մեծարանքի ու վերաբերմունքի, թէ՛ պատկան պատասխանատուներուն, թէ՛ բուժման դիմողներուն կողմէ, որովհետեւ, եղա՛ւ, իր կոչումին արժանի կրողը, գիտակ մասնագէտը ու մտացի մարդը։
Այդ էր պատճառը, որ՝ Տոքթ. Եսային, իր բժշկագիտութեան արժանիքներու կողքին, եղաւ նոյնքան անուանի մը, որուն նկատմամբ, կար յատուկ ակնածանք, երախտագիտական մօտեցում ու բարեկամական հանդուրժողութիւն, ինչ որ կը փաստէ ու կը հաստատէ, թէ ան լիովին արժանի էր նման յարգամեծարութեան ու մանաւանդ շնորհակալական հասկացողութեան։
֍֍֍
Եղբօրս՝ Տոքթ. Եսայիին կենսագրութեան շարանն ու գործունէութիւնը հոս չեն վերջանար եւ չէին կրնար վերջակէտ մը դառնալ կամ մնալ լոկ իր մասնագիտութեան ծիրերէն ներս, պարզ այն պատճառով, որ ան՝
ա. Իրատես ծնողքի մը եւ օրինակելի ընտանիքի մը բնատուր զաւակն էր, ուր ամէն ինչ կը բուրէր հայեցիութիւն եւ ազնուականութիւն, ազգասիրութիւն ու հայրենակերտութիւն, ողջմտութիւն ու գաղափարախօսութիւն, տեսլապաշտութիւն եւ կարգապահութիւն։
Իսկ ասոնք անցողակի, վերացական կամ կողմնակի յատկանիշներ չէին, այլ՝ հիմնաւորուած, ամրագրուած ու հասցէագրուած նշանախօսքերու արտայայտութիւններ, որոնցմէ՝ Տոքթ. Եսային ժառանգած էր հարուստ փորձ, լիաշէն հիմքեր եւ ամրապինդ ուղիներ, որոնք, եթէ կը բխէին ծնողական ուսմունքներէն եւ երթերէն, բայց, նաեւ ունէին այն խարիսխները, որոնք Տոքթ. Եսայիին աշխարհաքաղաքական եւ ազգայնական կազմաւորման ու կառուցողական ելիցին եւ ելքին մաս կը կազմէին, ամբողջական լիցքով, համազօրական կարգով ու գաղափարական հեւքով։
բ.Տոքթ. Եսային՝ եղբայրս, լոկ բժշկագէտ ու բժշկաշէն չէր, այլ նաեւ՝ գաղափարախօս, գաղափարագէտ ու գաղափարամիտ, որոնք՝ երբեք հիմնուած չէին պատահականութեան ու պատեհապաշտութեան վրայ, այլ՝ ամուր համոզումներու ու պինդ կեցուածքներու վրայ, ցոյց տալով իր գաղափարական դպրոցի մը յառաջադէմ աշակերտներէն մէկը ըլլալու… մարտիկներէն։
Ընդհանրապէս կը նշուի ու կը յիշուի, որ հայ բժիշկները, իրենց մասնագիտութեանց զուգահեռ, եղած են նաեւ ազգային գործիչներ, մտաւորականներ, կրթական մշակներ, գաղափարի կերտիչներ, յատկապէս, երբ մեր աչքի առջեւ կը պարզուին մեր արեւմտահայ գրիչները։
Եղբայրս՝ Եսային, ուղղակի թէ անուղղակի թեքումներով, հոն յայտնուած էր եւ այդ բեւեռներուն վրայ գործած, արտայայտուած, քանի, վերջին հաշուով, ԲԺԻՇԿԸ ու ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍԸ, նոյն թռիչքով սաւառնած են եւ այդպէս ալ ճանաչումի արժանացած կամ նշանաւորուած։ Տարօրինա՞կ են այս նշումները, ի հարկէ՝ ո՛չ, որովհետեւ մասնագիտական ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ու ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ կը գտնուին նոյն չափանիշներուն ու նոյն արժեւորումներուն վրայ։
Հաւանաբար, այս էր պատճառը, որ Տոքթ. Եսային կը դասուի այդ համակարգին վրայ, ոչ միայն ժառանգական դասականութեամբ, այլ՝ ինքնարժանաւորութեամբ, մանաւանդ՝ երբ նկատի կ’ունենանք, իր հօր՝ Յովհաննէսին, ազգային-գաղափարական, հայրենասիրական-մտաւորական դարբնոցէն «զուլալ»օրէն դուրս գալու, գործելու եւ ըմբոշխնելու իւրայատուկ հնարքները։
գ. Տոքթ. Եսային, անկախաբար իր հօրմէն եւ ընտանիքէն ժառանգած ազգային-քաղաքական-գաղափարական հարուստ փորձագիտութեան, գիտելիքութեան եւ վարժագիտութեան, իր հայեացքային հակումներով եւ իրատեսական կողմնորոշումներով, մնաց անփոփոխ եւ անզիջող հաւատացեալ մը, միշտ իր ուրոյն, թափանցիկ ու համարձակ մտածումներով եւ արտայայտութիւններով։
Ասոնք արդէն երբեք չէին նշանակեր, որ, ան ենթակայ էր «փչող» հովերուն կամ «յամեցող» խարխափումներուն հետ, այլ՝ սկզբունքային եւ յենակէտային հիմքերու վրայ կանգուն մնալու վճռականութեան, իսկ՝ Տոքթ. Եսային այն կաղնին էր, որ պատեհապաշտութեան կիրքերուն մէջ բնաւ չդեգերեցաւ, ոչ ալ արկածախնդրութիւններու տիղմերուն մէջ մխրճուեցաւ։
֍֍֍
Այսօր, եղբայրս մեկնած է, ես կ’ապրիմ իր էութեամբ, հնչեղութեամբ ու կարօտաբաղձութեամբ, որովհետեւ ես եւ ինք, միասնաբար ապրեցանք, հաւատարմաբար զուգաւորուեցանք եւ հարազատօրէն յարատեւեցինք, մինչեւ այն օրը, երբ ինք… գնա՜ց, իսկ ես, ֆիզիքապէս մնացի, իրմէ հեռու, ինքն ալ ինձմէ, բայց, ատոնք ոչինչ նշանակեցին, այնքան ատեն, որ ես կը յիշեմ ու կ’ապրիմ իմ ընտանիքիս անբաժան հարազատիս՝ եղբօրս, Եսիկին մտերմութեան եւ յիշողութեան մէջ։
Չկաս, բայց կա՛ս։
Բացակայ ես, բայց, ներկա՛յ ես։
Հոս չես, բայց, ամենուր ես։
Մեր՝ Աղպաշեանական ընտանիքին մէջ, դուն պիտի մնաս՝ ԿԱՆԳՈՒՆ Եսայի մը, որմով հպարտ են Աղպաշեանականները եւ այն բոլորը, որոնք ճանչցած եւ յարգած են քեզ, որպէս ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ հայ, ՀԱՄԱԿ հայրենասէր, ԼՐՋԱԽՕՍ գաղափարական, ԻՍԿԱԿԱՆ հայ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ հարազատ եւ ՅԱՐԳԱՄԵԾԱՐ բժիշկ։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)
Նկարներ.
Ուրախութեան եւ երանութեան անմոռանալի պահեր.

Տոքթ. Եսային, իր դստեր՝ Դալարին ու փեսային՝ Կարոյին հետ, պսակադրութեան առիթով (Լոնտոն-Անգլիա)

Տոքթ. Եսային եւ Անի Աղպաշեանը, նորապսակներուն հետ (Լոնտոն-Անգլիա)