image

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան հայրերը՝ գիտական նոր հորիզոններու ճանապարհին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան հայրերը՝ գիտական նոր հորիզոններու ճանապարհին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, հոգեւոր իր ծառայութեան կողքին, կը շարունակէ գիտական եւ մասնագիտական իր պատրաստուածութիւնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մշտական քաջալերանքով, միաբան հայրեր Դպրեվանքէն ետք եւս իրենց ուսումը կը շարունակեն աշխարհի զանազան հեղինակաւոր համալսարաններուն մէջ՝ հարստացնելով իրենց գիտելիքները տարբեր մասնագիտական բնագաւառներու մէջ։

Ստորեւ «Կիլիկիա» հարթակաին հրապարակած  հաղորդագրութիւնը՝ 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս միշտ քաջալեր հանդիսացած է միաբան հայրերու համալսարանի ուսման շարունակութեան, որպէսզի Դպրեվանքէն ետք անոնք ստանան մասնագիտական ուսում զանազան բնագաւառներէ ներս։

Վեհափառ Հայրապետը միջազգային համալսարաններու նախագահներու հետ սերտ կապեր ունենալով, յաճախ միջամտութիւններ կատարած է, որպէսզի հոգեւորականներ ստանան բարձրագոյն ուսում։

Ներկայ տարուան ընթացքին հետեւեալ միաբան հայրերը վկայուեցան աշխարհի տարածքին գտնուող զանազան համալսարաններէն՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան, Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան. իսկ համալսարանական ուսումը կը շարունակեն՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան, Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Վրդ. Թէնէքէճեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան եւ Հոգշ. Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեան։

Նշենք, որ այլ միաբան հայրեր եւս ստացած են համալսարանական ուսում եւ վկայական։