Երեւանը շատ բան կը կորսնցնէ, եթէ որոշէ դուրս գալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդի խօսնակ Վալենթինա Մաթվիենքօն։
«Հետագային, Հայաստանի իրաւունքն է՝ պահպանել իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին, թէ ոչ։ Կը կարծեմ, որ հակառակ պարագային Հայաստանը շատ բան կը կորսնցնէ»,- ընդգծած է ան Վիեթնամ կատարած այցի արդիւնքներով լրագրողներուն հետ զրոյցին։